image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիոյ Պունտեսթակի որոշումը ... կարծես հայ ժողովուրդի ձեռքով գրուած ըլլայ*.Կիրակոս Գույումճեան

Գերմանիոյ Պունտեսթակի որոշումը ... կարծես հայ ժողովուրդի ձեռքով գրուած ըլլայ*.Կիրակոս Գույումճեան

«Երեւցաւ ճշմարտութիւնը եւ կորաւ կեղծիքը». ճիշդ այս էր պատահածը Հայկական հարցի շուրջ Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ «Պունտեսթակի» քուէարկութեան ընթացքին, որ կայացած էր 02.06.2016-ին, ուր ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ՝   հայ ժողովուրդի հանդէպ  կատարուածը ճանչցուեցաւ, որպէս մարդկութեան դէմ գործուած ցեղասպանութիւն:

Թուրքիոյ իշխանութիւնը դէմ կանգնեցաւ այդ որոշումին, որ մեծ ցնցում պատճառած էր նախագահ Ռեճեփ Թայէփ Էրտողանին, անոր նախարարներուն եւ նախարարական բոլոր քատրերուն, որոնք  Գերմանիոյ պետութեան կողմէ ամիսներ առաջ ​​Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի շուրջ սկսած քննարկումներու առաջին օրերէն իսկ, սկսան իրերայաջորդ սպառնալիքներ հնչեցնել  թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու վտանգման եւ Գերմանիոյ կրելիք տնտեսական վնասներուն շուրջ, եթէ  Գերմանիան  նման որոշում մը ընդունէր: Աւելին, ան սպառնալիք հնչեցուց ամբողջ Եւրոպային, խօսելով սուրիացի փախստականներու վերաբերեալ համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու կամ չեղեալ համարելու մասին, որ ստորագրած էր Թուրքիոյ  հետ:

Այնուամենայնիւ, թրքական պետութիւնը, իր ամբողջ ուժականութեամբ, գերմանաբանակ  միլիոնաւոր թուրքերը, ինչպէս նաեւ անոր ռազմավարական բարձր դիրքը, որու շնորհիւ Թուրքիա ամէն օր նոր առաւելութիւններ եւ կարեւորութիւն կը ստանայ,  բաւարար չեղան եւ չկրցան փոխել տալ Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի շուրջ, ինչպէս նախապէս՝  22 երկրի, 40 ամերիկեան նահանգներու եւ տասնեակ խորհրդարաններու հասցէին կատարած սպառնալիքները անօգուտ եղած էին, եւ չէին յաջողած այդ երկիրներուն ստիպել, որ անոնք հրաժարին հրապարակայնօրէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ. Այլ հակառակը՝ անոնք  անտարբեր  մնացին Թուրքիոյ պոռչտուքին եւ սպառնալիքներուն, եւ Թուրքիա չկրցաւ դէմ դնել այդ երկիրներու արդարութեան կողմ ըլլալու ցանկութեան եւ մարդկութեան հանդէպ իրենց խիղճը հանգստացնելու ձգտումին, անկախ անոր ունենալիք հետեւանքներէն:

Ոմանք կրնան ըսել, որ Գերմանիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը քաղաքական այլ հաշիւներ եւ նպատակներ կը հետապնդէր, աւելի քան անոր հաւատքը այս հարցի արդարացիութեան: Թէ՛ Գերմանիան եւ թէ այլ երկիրներ այս համարձակ քայլը առած էին քաջ գիտնալով, որ թերեւս կրակի հետ կը խաղան.  որովհետեւ Իսթանպուլ իր ձեռքին մէջ ունի տարածաշրջանային եւ միջազգային շատ մը խաղերու թելեր  եւ ան մեծ ազդեցութիւն ունի տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ: Սակայն այս խօսքը, եթէ  ենթադրենք որ իրաւացի է, ապա ան հայկական հարցին ի շահ կը գործէ, նկատի ունենալով, որ ո՛չ հայկական նորաստեղծ պետութիւնը եւ ոչ ալ  աշխարհացրիւ սփիւռքահայութիւնը ազդու դեր ունին՝ այս երկիրներու ընտրութիւններու, քաղաքականութիւններու եւ տնտեսութեանց ձեւաւորման գործընթացներուն:

Գերմանիոյ ճանաչումը  բաղդատաբար մնացեալ 22 երկիրներուն՝ ունի իր կարեւորութիւնը եւ առանձնայատկութիւնը, որովհետեւ անոր ձայնը կը հաշուուի տնեցիներու ձայն, նկատի ունենալով, որ Թուրքիան Գերմանիոյ ամենամօտ դաշնակիցն էր  համաշխարհային Ա. պատերազմին, եւ պատերազմական ռազմավարութեան մէջ անոնց կապերը փոխադարձ էին. անոր համար Գերմանիոյ ընդունումը, ինչպէս նաեւ անկէ մէկ տարի առաջ Թուրքիոյ միւս դաշնակցի՝ Նեմսայի ընդունումը, ձեւով մը հանրաքուէ էր, որ կրցաւ Թուրքիոյ ոտքին տակէն գորգը քաշել. եւ այսպիսով ան այլեւս պիտի չկարենայ շարունակել  իր դատապարտումներն ու հայկական հարցի աջակիցներուն դիրքորոշման դրդապատճառներու աղաւաղումը, եւ ոչ ալ պիտի կարենայ պատմաբաններ հրաւիրել սերտելու այս հարցի իրաւացիութիւնը, քանի որ փաստարկման վկաներ դարձած են արդէն տնեցիք,եւ կարիք չկայ դուրսէն վկաներ կանչելու, որպէսզի հերքէն  եղելութիւնը:

Երանի կարենայի այս յօդուածին մէջ մէջբերել Գերմանիոյ խորհրդարանի յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ, որու բովանդակութիւնը, շարադրանքը եւ ձեւակերպումները աւելի քան բացառիկ են, կարծես ան գրուած ըլլար նոյն հայ ժողովուրդի ձեռքով, ի տես անոր ճշմարտացիութեան ու հայ  ժողովուրդի պատմութեան իրականութեան հետ համապատասխան ըլլալուն՝  ճնշումներու եւ անարդարութիւններու առումով, որուն ենթարկուած էր ան այդ օրերուն Օսմանցիներու կողմէ եւ 1,5 միլոն մարդու ցեղասպանութեան: Եւ հայերը մինչ օրս ներկայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տակաւին հետապնդումներու կ'ենթարկուին:

Յայտարարութեան միւս հրաշալիութիւնը այն էր, որ ան կ'անդրադառնար  մարդկային բազմաթիւ նիւթերու, ան կը պարունակէր Թուրքիոյ ուղղուած կոչեր եւ գործնական խորհուրդներ՝ հաշտուելու իր պատմութեան հետ եւ անոր դէմ յանդիման կանգնելու՝ քաղաքակիրթ եւ հասուն ձեւով,  հետեւելով շատ մը այլ քաղաքակիրթ երկիրներու օրինակին, որոնք նման անցեալ ունեցած են, եւ որոնք նախ՝ ընդունեցին եւ ապա՝ ներողութիւն խնդրեցին ու յարմար փոխհատուցումներ  ներկայացուցին զոհուածներու ընտանիքներուն, այդպիսով անոնք մարդկային այլ ազնիւ արժէք մը աւելցուցին իրենց ազգի բնորոշման, որով այսօր կը պարծենան շատ մը քաղաքակիրթ ժողովուրդներ. ամենամօտ  օրինակը նոյնինքն Գերմանիան է, որ նոյն յայտարարութեան մէջ խոստովանեցաւ իր Թուրքիոյ դաշնակից ըլլալը եւ մեղսակցութիւնը, իր որդեգրած անհոգ ու անփոյթ վերաբերմունքին համար, որ անտեսած էր իր աչքին առջեւ կատարուած  տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, պնդելով, որ իրականութեան մասին լուռ մնացողը համր սատանայ է. եւ առաջարկեց իր կրթական ծրագիրներուն մէջ ընդգրկել հայկական հարցի ուսուցումը, անկէ դաս քաղելու եւ անոր կրկնութենէն խուսափելու համար :

Շնորհակալութիւն քեզ Գերմանիա, որովհետեւ դուն մեզ երկու անգամ արդարացուցիր: Առաջինը՝ երբ Պերլինի դատարանը արդարացուց հայ վրէժխնդիր հերոսներէն  մէկը, որ իր աքսորին մէջ ամենայն քաջութեամբ սպանած  էր ցեղասպանութեան գլուխ գործոց Թալէաթ փաշան՝ երիտասարդ Թուրքիոյ  ներքին գործերու նախարարին, որ կազմակերպած էր ջարդերը եւ հայ ժողովուրդին ենթարկած էր պարտադիր զանգուածային տեղահանութեան:

Այս մէկը պատահած էր 2 Յունիս 1921-ին, կարծես ճակատագրի հեգնանք ըլլար, որովհետեւ Պունտեսթակի կատարած յայտարարութիւնը զուգադիպեցաւ նոյն օրուան՝ 2 Յունիս 2016-ին, որ շատ մեծ իրադարձութիւն էր, ուր ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ան ընդունուեցաւ որպէս կանխաւ ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութիւն:

Ես, որպէս դիտորդ եւ որպէս այս հարցին ուղղակիօրէն առնչուող, կը յուսամ, որ խօսքերը գործերու կը վերածուին, որ  զարմանալի չէ Գերմանիոյ նման Մեծ երկրի մը համար:


* Կիրակոս Գույումճեանի   հեղինակած  սոյն  յօդուածը լոյս տեսած է  Պէյրութի «Ալ Նահար» թերթին մէջ: Նիւթը հայերէնի վերածեց՝ «Արեւելք»ը:

 (Քուէյթ)