image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիա վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան համաձայնագիրը

Գերմանիա վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան համաձայնագիրը

Գերմանիոյ խորհրդարանը, երէկ՝ 4 ապրիլին, վաւերացուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կնքուած է 24 նոյեմբեր 2017-ին, Պրիւքսելի մէջ: Համաձայնագիրը պէտք է վաւերացուի Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներու կողմէ: Այն արդէն վաւերացուցած են Էսթոնիան, Լաթվիան, Լիթվան, Լեհաստանը, Պուլկարիան, Լիւքսըմպըրկը, Միացեալ Թագավորութիւնը, Ռումինիայի խորհրդարանի ստորին պալատը, Դանիան, Մալթան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդը։