Աւստրալիոյ մէջ օրերս տեղի ունեցած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Աւստրալիոյ Շրջանաւարտից Միւութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը, որու աւարտին ալ ժողովականները ընտրած են նոր վարչութիւն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ միութեան դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է, թէ Աւստրալիոյ Հայ մշակութային կեդրոնէն ներս, 20 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, տեղի ունեցած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Աւստրալիոյ Շրջանաւարտից Միութեան 6րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը: Ժողովի աւարտին ընտրուած է Շրջանաւարտից միութեան նոր վարչական կազմը: Այս մասին կը տեղեկանանք Karen Jeppe College Alumni Association- Australia դիմատետրեան էջէն:
Նշենք, որ Քարէն Եփփէ Ազգ Ճեմարանի Աւստրալիոյ Շրջանաւարտից Միութեան գործունէութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է օժանդակել Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին:
Միութեան 6րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը մասին մասնաւորապէս գրուած է.-
«Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ միութեան տարեկան աշխատանքի նիւթաբարոյական տեղեկագիրը , որմէ ետք, ժողովականները ունեցան լուսաբանական հարցումներ եւ առաջարկներ, որոնց նպատակը եղաւ շինիչ գաղափարներ ներկայացնել իբր ուղղեցոյց նորակազմ վարչութեան։
Ժողովը հասաւ իր աւարտին ժամը 10:00ին գնահատելով շրջանաւարտ վարչութեան տարած աշխատանքը։ Ապա ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը որուն մաս կը կազմեն .-
Ընկր.Վիգէն Գալլօղլեան
Ընկր.Պօղոս Պալիօզեան
Ընկրհ. Թալին Թէրզեան
Ընկրհ. Սարինէ Պասմաճեան
Ընկր.Վիգէն Քէլլէեան
Ընկր.Արա Թէրզեան
Ընկր. Զարեհ Փամպուքեան
Կը շնորհաւորենք նորընտիր վարչութիւնը, մաղթելով արդիւնաւէտ ընթացք իրենց տարած այս սուրբ առաքելութեան մէջ, յաջողցնելու միութեանս նպատակը՝ օժանդակել Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին, ինչպէս նաեւ Սիտնիի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանին»։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ