image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիա հետաքննութիւն սկսած է իր հողերուն վրայ թրքական յատուկ ծառայութիւններու լրտեսութիւն իրականացնելու գործով

Գերմանիա հետաքննութիւն սկսած է իր հողերուն վրայ թրքական յատուկ ծառայութիւններու լրտեսութիւն իրականացնելու գործով

Գերմանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու խօսքերը, յայտնած են, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտան փետրուարին մասնակցած է անվտանգութեան հարցերով միւնէխեան համաժողովին, որու ընթացքին հանդիպում  ունեցած է գերմանացի պաշտօնակից Պրունօ Քալի հետ եւ անոր փոխանցած անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու մէջ մեղադրուող իսլամական գործիչ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի՝ Գերմանիոյ մէջ բնակող ենթադրեալ համակիրներու ցուցակ, որու մասին Քալը տեղեկացուցած է դաշնային կառավարութեան, դատախազութեան եւ այլ իրաւապահ մարմիններու:


Գերմանիոյ մէջ կ'ենթադրեն, որ տուեալները հաւաքագրուած են ապօրինի ճանապարհով, այդ շարքին՝ թաքնուած տեսախցիկներու միջոցով: Ցուցակի մէջ, բացի անուն-ազգանուններէ, կցուած է նաեւ հեռախօսահամար, հասցէ, լուսանկար:


Գերմանիոյ իրաւապահները այս գործով հետաքննութիւն սկսած են: Գերմանիոյ մէջ ներքին գործերոց նախարար Թոմաս տը Մեզիեր յայտարարած է, թէ Պերլինը մտադիր չէ աչք փակել իր երկրի մէջ օտարերկրեայ լրտեսութեան վրայ:


«Գերմանիոյ տարածքին լրտեսական գործունէութիւնը քրէօրէն պատժելի է եւ անընդունելի», - մասնաւորապէս յայտարարած է գերմանացի պաշտօնեան՝ ընդգծելով, որ թրքական յատուկ ծառայութիւններու նման գործունէութիւնը կը վտանգէ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու ապագան:


«Անկախ այն բանէն, կ'աջակցին գերմանացի թուրքերը Կիւլէնի շարժման, թէ ոչ, Գերմանիոյ մէջ կը գործէ գերմանական օրէնքը եւ օտար պետութիւններու յատուկ ծառայութիւնները չեն կրնար հետեւիլ մեր քաղաքացիներուն», - շեշտած է Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարը:


Պերլինի եւ Անգարայի միջեւ այս աննախադէպ գայթակղութիւնը ծագած է Եւրոպայի մէջ  նախօրէին մեկնարկած թրքական սահմանադրական հանրաքուէի ֆոնին. քուէարկութեան կը մասնակցի Թուրքիոյ մօտ երեք միլիոն քաղաքացի, որոնց կէսը Գերմանիոյ մէջ է: