image

Գերմանացի քաղաքական գործիչներ պահանջած են արգիլել Էրտողանի մուտքը Գերմանիա

Գերմանացի քաղաքական գործիչներ պահանջած են արգիլել Էրտողանի մուտքը  Գերմանիա

Գերմանական «Die Welt» թերթի Թուրքիոյ թղթակից Տէնիզ Եուճէլի կալանաւորման առիթով եւրոպական յանձնաժողովը Անգարային կոչ ըրած է հաւատարիմ մնալ իրաւական պետութեան սկզբունքներուն, իսկ գերմանացի պաշտօնեաները պահանջած են արգիլել Էրտողանի ու անոր մերձաւորներու մուտքը Գերմանիա:

Ըստ թրքական «Demokrathaber.org» լրատուական կայքին` ԵՄ հարեւանութեան եւ ընդլաենման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը «Die Welt»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան հաւատարիմ մնայ իրաւական պետութեան սկզբունքներուն: Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ լրագրողներու կալանաւորմամբ եւ ահաբեկչութեան մասին օրէնքի կամայական կիրառմամբ»:

Երկքաղաքացիութիւն ունեցող լրագրողի ձերբակալութեան առթիւ աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրած են Գերմանիոյ քաղաքական շրջանակներէն ներս:

Ձախակողմեան կուսակցութենէն Պունտէսթակի պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէն պահանջած է պատժամիջոցներ կիրառել Էրտողանի եւ անոր հարազատներու նկատմամբ: Թրքական արմատներ ունեցող գերմանացի պատգամաւորը պահանջած է արգիլել Թուրքիոյ նախագահի ու կառավարութեան անդամներու մուտքը Գերմանիա, ինչպէս նաեւ առկախել ԵՄ անդամութեան համար Անգարայի հետ տարուող բանակցութիւնները:

Մերքէլ ցաւալի եւ հիասթափեցնող անուանած է Եուճէլի ձերբակալութիւնը` յոյս յայտնելով, որ վերջինը կարճ ժամանակի մէջ ազատ կարձակուի: