Գերմանական «Die Welt» թերթի Թուրքիոյ թղթակից Տէնիզ Եուճէլի կալանաւորման առիթով եւրոպական յանձնաժողովը Անգարային կոչ ըրած է հաւատարիմ մնալ իրաւական պետութեան սկզբունքներուն, իսկ գերմանացի պաշտօնեաները պահանջած են արգիլել Էրտողանի ու անոր մերձաւորներու մուտքը Գերմանիա:
Ըստ թրքական «Demokrathaber.org» լրատուական կայքին` ԵՄ հարեւանութեան եւ ընդլաենման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը «Die Welt»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան հաւատարիմ մնայ իրաւական պետութեան սկզբունքներուն: Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ լրագրողներու կալանաւորմամբ եւ ահաբեկչութեան մասին օրէնքի կամայական կիրառմամբ»:
Երկքաղաքացիութիւն ունեցող լրագրողի ձերբակալութեան առթիւ աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրած են Գերմանիոյ քաղաքական շրջանակներէն ներս:
Ձախակողմեան կուսակցութենէն Պունտէսթակի պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէն պահանջած է պատժամիջոցներ կիրառել Էրտողանի եւ անոր հարազատներու նկատմամբ: Թրքական արմատներ ունեցող գերմանացի պատգամաւորը պահանջած է արգիլել Թուրքիոյ նախագահի ու կառավարութեան անդամներու մուտքը Գերմանիա, ինչպէս նաեւ առկախել ԵՄ անդամութեան համար Անգարայի հետ տարուող բանակցութիւնները:
Մերքէլ ցաւալի եւ հիասթափեցնող անուանած է Եուճէլի ձերբակալութիւնը` յոյս յայտնելով, որ վերջինը կարճ ժամանակի մէջ ազատ կարձակուի: