ԲՀԿ Առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան պիտի սատարէ ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանին:
Այս մասին Ծառուկեան յայտարարած է քիչ առաջ «Կեդրոն» հեռուստաընկերութենէն սփռուած հարցազրոյցին ընթացքին :
Նշենք, որ յառաջիկայ երեքշաբթի օր ՝ 1 մայիսին Հայաստանի Ազգային Ժողովը արտակարգ նիստ մը գումարելով պիտի ընտրէ երկրի նոր վարչապետ:
Վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու համար թեկնածուն պէտք է հաւաքէ առնուազն 53 քուէ:
