8 Դեկտեմբեր 2011-ին թուրք-իրաքեան սահմանին մօտ, Ուլուտէրէի մէջ թրքական օդուժը ռմբակոծած է խումբ մը ազգութեամբ քիւրտ գիւղացի մաքսանենգներ, որոնք միջսահմանային օրինաւոր անցքէ կը վերադառնային բեռնաւորուած ջորիներով, եւ խումբը մեծամասնութեամբ բաղկացած եղած էր երիտասարդ տղոցմէ: Ռմբակոծութեան հետեւանքով սպաննուած էր 34 մարդ: Հետեւելով այս միջադէպին՝ թուրք իշխանութիւնները խոստացած էին ամբողջական եւ արդար հետաքննութիւն մը իրականացնել, սակայն շուտով թուրք քաղաքական գործիչներն ու ռազմական պաշտօնեաները սկսած էին ծածկել միջադէպը եւ մեղադրել զոհերը:
Ֆրէտէրիքէ Կիրտինկ, հոլանտացի հետաքննիչ լրագրող, որ 2006-ին հաստատուած էր Պոլիս, յարձակումէն կարճ ժամանակ անց գացած է Տիարպէքիր, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար քրտական հարցին, այցելած է Ուլուտէրէ եւ սկսած է հարցաքննել կատարուածի մասին, զրուցելով հոն գտնուող դէպքի ականատեսներուն եւ զոհուածներու հարազատներուն հետ: Ան, հետապնդելով պատմութիւնը, բազմաթիւ այցելութիւններ կատարած է դէպի միջադէպի վայր:
Կիրտինկ շուտով անդրադարձած է, որ հետապնդելով միջադէպը, ինք գործ ունի թուրք-քրտական հարցի սեղմ օրինակին հետ, մանաւանդ, որ թրքական պետութիւնը հրաժարած էր պատասխանատու ըլլալ տեղի ունեցած սպանութիւններուն, ակնկալելով, որ հարցը մոռացութեան կ'ենթարկուի: Սակայն Ուլուտէրէի միջադէպը շուտով դարձաւ Թուրքիոյ հասցէին մարդու իրաւունքներու չարաշահման նմուշ, յատկապէս երբ քրտական հարցին կ՛առնչուի:
Նշենք, որ Կիրտինկի հեղինակած գիրքին առանցքը կը կազմէ ռմբակոծման միջադէպը, ուր ան փորձած է լոյս սփռել տեղի ունեցածին վրայ, երկար ժամանակ մնալով զոհուածներու ընտանիքներուն հետ: «Տղաքը սպաննուած են» գիրքը կը նկարագրէ ողբերգական անցեալն ու ներկան թուրք-քրտական հարցի, Ուլուտէրէի ռմբակոծութեան դէպքի միջոցաւ, որ ինչպէս Կիրտինկ կ'ըսէ «կ'ամփոփէ քրտական հարցը մէկ քառակուսի քիլոմեթրի մէջ»:
Կրիտինկ յաճախ միջազգային լրատուամիջոցներուն հաղորդումներ կը գրէր հարաւ-արեւելեան Անատոլուէն, մինչեւ որ ան դատավարութենէ ետք, Սեպտեմբերի 2015 թ.ին արտաքսուեցաւ թուրք իշխանութիւններու կողմէ, որոնք զինք մեղադրած էին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) աջակցութեամբ անվտանգութեան գօտի խախտելով՝ արեւելեան Հաքքարի նահանգին մէջ: Անոր քննադատները միշտ մեղադրած են զինք PKK- ի կողմնակալութեան հարցով, եւ դժուար թէ փոխեն իրենց կարծիքը, յատկապէս իր գիրքը կարդալէ ետք:

Սակայն ան աւելի համարձակ եւ քաջ է, քան շատ մը զինք քննադատողները: Այնքան քաջ, որ ան շրջագայած է ամբողջ տարածաշրջանին մէջ, այնտեղ մնալով եւ լսելով հակամարտութիւններու մէջ գտնուող տեղացիներուն, բանակցելով անցակէտերու հսկիչներուն հետ, եւ դիմագրաւելով փայտոջիլներու անողոք յարձակումները: Հարցաքննելով Ուլուտէրէի ռմբակոծութիւններու մասին դէպքի վայրէն, ան բացայայտած է շատ աւելին, քան պաշտօնական խորհրդարանական հետաքննութիւնը:
Բայց այս գիրքը տակաւին հեռու է կատարելութենէ: Մարդ պէտք չունի մեծ հաւատացող մը ըլլալու «առարկայականութեան» լրագրողական սուրբ արժէքին, տեսնելու համար, որ Կիրտինկի կարգ մը գործերը բաւական անհաւասարակշիռ են: Անոր կեցուածքը PKK-ի սկզբական տարիներուն գործած՝ իր մրցակիցները եւ ճամբուն կեցողները դաժանօրէն վերացնելու մասին՝ շատ փափուկ կերպով արտայայտուած է:
Գիրք մը, որ կ'ուսումնասիրէ քրտական շարժումը, պէտք չէ PKK-ի խախտումներուն այնքան թոյլ կերպով անդրադառնայ. անոր հասցէին մեղադրանքներու ցանկը երկար է: Սկսեալ տեղական գործատէրերու վրայ ճնշում գործադրելէն, իրենց պիզնէսները փակել տալով, անցած դպրոցներուն պարտադրանքին գինուորագրելու երեխաները՝ մարտական գործողութիւններ վարելու նպատակով, մինչեւ վտանգաւոր կերպով պաշտամունքը բանտարկեալ PKK-ի առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանին հանդէպ:
Այդուհանդերձ, գիրքը նաեւ հեռու է PKK-ի քարոզչութիւն ըլլալէ, բայց այնտեղ ներքին մղումով ենթադրութիւնը կայ, որ քրտական քաղաքական շարժումը կը խօսի բոլոր քիւրտերու անունով: Ճիշդ է, որ Կրիտինկի գործը կեդրոնացած է հիմնական PKK-ի եւ անոր համակիրներու հրապուրանքին վրայ, սակայն այդ 200 էջին մէջ կը տողանցեն նաեւ քանի մը հակասական կարծիք ունեցող ձայներ: Ի վերջոյ մտահոգիչ պիտի ըլլար եթէ ամէն բան այդքան սեւ ու սպիտակ ներկայացուէր, իբր չկան PKK-ի թերահաւատներ ամբողջ հարաւ-արեւելեան շրջանին, բայց իհարկէ՝ այդպէս չէ:
Կեդրոնանալով Ուլուտէրէի կոտորածի շուրջ Կիրտինկի կողմէ կարեւորած էական կէտն այն է, որ արդարութիւնը (եւ անոր պակասը) պատճառ դարձած են քրտական խնդրի ստեղծման: Մասնաւորապէս 1980-ականներու եւ 90-ականներու միջեւ հակամարտութիւնը յատկանշուած են դատական շրջանակէ դուրս սպանութիւններով, զանգուածային անճանաչ գերեզմաններով, խմբակային խոշտանգումներով եւ աւելի քան մէկ միլիոն մարդոց բռնի տեղահանութեամբ:
Այս բոլորի մասին ճշմարտութիւնն ու հաշուետուութիւնը պահանջուած էր քրտական կողմէն, սակայն այդ մէկը երբեք տեղ չէր գրաւած կառավարութեան օրակարգերուն մէջ եւ ամբողջութեամբ կը բացակայէր խաղաղութիւն հաստատելու նուիրուած հանրային բանավէճերու ժամանակ, որ հիմա արդէն խորտակուած է:
Անգարայի կատարեալ չկամութիւնը՝ զբաղելու պատմական անկեղծ հաշուեյարդարով, օգնեց քրտական ապստամբութեան կրակի վերաբորբոքման:
Կիրտինկի գիրքը կ'ընդգծէ, թէ ինչպէս անարդարութիւնը մնացած է բաց վէրք մը, ամբողջ քրտական հարաւ-արեւելեան շրջանին: «Տղաքը Մեռած են» գիրքի կողմէ բարձրացուած հարցերը պէտք է բոլորին միտքը ըլլան, երբ տակաւին բախումները կը շարունակուին թէժանալ քիւրտ զինեալներու եւ թրքական անվտանգութեան ուժերու միջեւ, պարետային ժամ ապրող աւերուած քաղաքներուն մէջ: