Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտրըմ Եւրոմիութեան կոչ ըրած է չմիջամտել իր երկրի սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի գործընթացին:
«Եւրոպան թող իր խնդիրներով զբաղուի», - յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ:
Մինչ այդ եւրոպական շարք մը երկիրներ, այդ շարքին՝ Գերմանիան եւ Շուէտը, յայտարարած են, որ թրքական յատուկ ծառայութիւնները լրտեսութիւն կ'իրականացնեն արտերկրի մէջ՝ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի ընդդիմախօսները բացայայտելու եւ ճնշելու համար: