«Արեւելք»ի զրուցակիցն է դամասկահայ ազգային գործիչ Անդրանիկ Մարաշլեանը:
Անդրանիկ Մարաշլեան միայն վերջերս կրցած էր լուսանկարներու միջոցաւ ծանօթանալ Դամասկոսի արուարձան «Ֆըլասթին» (Արաբերէնով՝ Պաղեստին. Խմբ. «Արեւելք») գաղթակայանին մէջ գտնուող իր հօր՝ Ճորճի եւ եղբօր՝ Յովսէփի խանութի այսօրուան վիճակին:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ հարաւային շրջանը գտնուող «Երամուք» գաղթակայանը կամ «Մուխայեամ Ֆըլասթին»ը այս տարուան Մայիս ամսուն ազատագրուած էր Սուրիոյ բանակին կողմէն եւ գաղթակայանի աւերածութեան չափն այնքան մեծ եղած էր, որ յայտարարուած էր, թէ բնակիչներու վերադարձն այս պահուն անհնար է: 2012-ին ժողովուրդը դուրս եկած էր հոնկէ եւ շրջանը դարձած էր տարբեր ահաբեկչական խմբաւորումներու՝ «Տահէշ»ի, «ճապհէթ Ալ- Նուսրա»ի եւ ազատ բանակի կեդրոնատեղի:
Անդրանիկ Մարաշլեան «Արեւելք»ին որոշ մանրմասնութիւններ պատմելով, յայտնեց, որ հայրն ու եղբայրը վերջին անգամ իրենց խանութը գտնուած էին 2012-ի Ալ-Ատհա տօնի (Ղուրպան Պայրամը) նախօրէին, «Սէնտուիչի խանութ էր հօրս խանութը, պայրամի օրերն էին, շուկան աշխոյժ եռուզեռ կ'ըլլար, հետեւաբար ահագին մսեղէն, ապրանք բերուած էր խանութ: Սակայն պայրամի երկրորդ օրը, խանութին ճիշդ առջեւը ազատ բանակը անցարգել մը (հաճէզ) տեղադրեց, եղբայրս ապահովութեան համար, մի քանի ժամուան համար գոցեց խանութը, երբ կէսօրէ ետք վերադարձաւ, տեսաւ որ հարցը շատ լուրջ է, որոշեցին խանութը քանի մը օրուան համար փակ պահել եւ այդ քանի մը օրը դարձաւ 6 տարի»:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արեւելք»ի դամասկահայ զրուցակիցը, այդ օրուընէ ի վեր, մինչեւ այսօր խանութին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէին, միայն վերջերս ստացած նկարներուն միջոցաւ տեսած էր աւերուածութեան չափը, հարեւանները զինք խորհուրդ տուած էին դեռ անձամբ չայցելել այնտեղ, «Ես չկրցայ երթալ, մենք քրիստոնեայ ենք եւ այդ շրջանները թունդ այլազգ են եւ հիմա այս այլազգ-քրիստոնեայի զգացումները շատ զօրաւոր են, անոր համար մեզի խորհուրդ տուին չերթալ: Չենք գիտեր ինչ պիտի ըլլայ, այնտեղ դեռ ոչ ելեկտրականութիւն կայ, ոչ ջուր, նոյնիսկ եթէ երթանք, չենք գիտեր ինչ կրնանք ընել: Խանութին մէջ բան չէ մնացած, ոչ սառնարանները, ոչ աթոռ, սեղան, ոչ մէկ բան», -ըսաւ Մարաշլեան, ընդգծելով, որ տակաւին իրենք բախտաւոր կը համարուին, քանի որ խանութին պատերը, շէնքը դեռ կանգուն է, նկատի ունենալով, որ «Մուխայեամ Եարմուք»ի 80 առ հարիւր շնքերը ամբողջութեամբ փլած են:
Մեր զրուցակիցէն կ'իմանանք նաեւ, որ անոր հայրը՝ Ճորճ Մարաշլեան անցած տարի՝ 2017-ի նոյեմբերին արդէն հրաժեշտ տուած էր կեանքին. «Եարմուք»ի շրջանի գրաւումը եւ իր տարիներու աշխատանքով, ճակտի քրտինքով հիմնած խանութէն զրկուիլը մեծապէս ազդած էր անոր ե՛ւ հոգեպէս, ե՛ւ նիւթապէս: «Խանութը հօրս եւ եղբօրս եկամուտի միակ աղբիւրն էր, 2012-էն ի վեր անոնք օգնութիւններով կ'ապրին, եղբայրս հիւանդացաւ, ստիպուեցաւ իր տունը վարձու տալ եւ աներմօրը տունը մնալ, որպէսզի կարենայ եկամուտ մը ունենալ եւ ապրիլ: Հայրս ալ անցեալ տարի մահացաւ, մահուընէ երկու տարի առաջ ուղեղի կաթուած ունեցաւ»,- կը պատմէ մեր զրուցակիցը:
Ան պատմելով հօրը կենաքի վերջին տարիներուն ապրած տառապանքին մասին, ըսաւ. «Անոր դէմքին վրայ որեւէ արտայայտութիւն կարելի չէր տեսնել, ոչ ալ արցունք, իր ցաւը միշտ մէջէն կ'ըլլար, անոր ապրած վիշտը կը զգայինք միայն երբ խանութին մասին կը խօսէր եւ կ'ըսէր՝ «ձեռքերնին կոտրուի, ինչ ըրին երկիրը»»: Մեր խօսակիցը համոզուած է, որ եթէ իր հայրը այսօր ողջ ըլլար եւ խանութին այս վերջին նկարները տեսնէր, ուղեղի երկրորդ կաթուածը կ'ունենար, քանի որ, -ինչպէս կը պատմէ ան, շատ կը սիրէր խանութը: «18 տարի է այդտեղ էր, շատ յայտնի խանութ մըն էր, սուճուխ, շիշ թաուկ կը պատրաստէր, ամբողջ «Մուխայեամ ֆըլասթինի»ին մէջ «Ապու Եուսէֆ» եթէ ըսէին, բոլորը կը ճանչնային: Պզտիկ խանութ մեն էր, բայց հայրս շատ աշխատած, յոգնած էր անոր համար եւ շատ լաւ անուն ունէր: «Եարմուք»ի ազատագրուած օրը երիտասարդներ մասնաւոր գացին, որ տեսնեն «Ապու Եուսէֆ»ին խանութը ինչ եղած է»,- մանրամասնեց Անդրանիկ:
Ինչպէս կը տղեկացնէ մեր զրուցակիցը, ադ շրժանին մէջ հայեր չէին բնակիր, բայց մի քանի խանութներ կային՝ ոսկերիչի, ակնոցավաճառի եւալն, որոնք հայերու կը պատկանէին: