image
Հրատապ լուրեր:

«Եթէ հաշտուին...» Հարիրի պիտի մասնակցի Սուրիոյ վերակառուցման

«Եթէ հաշտուին...» Հարիրի  պիտի մասնակցի  Սուրիոյ   վերակառուցման

Լիբանանի  վարչապետ   Սաատ Հարիրի,  որ        տնտեսական   կարեւոր  գործունէութիւն կը ծաւալէ   Սէուտական   Արաբիոյ մէջ կրնայ  իր ունեցած ընկերութիւններուն    ճամբով  մասնակցիլ     Սուրիոյ  վերակառուցման     աշխատանքներուն:  Այս  մասին գրած է «Ալ Տիար»    պարբերականը   նշելով նաեւ,   որ Հարիրիի  «հաւանական»  մասնակցութեան   մասին խօսակցութիւններ  սկսած են  ծաւալիլ      մանաւանդ  Սէուտական Արաբիոյ     Մոհամմատ Պըն Սըլման    իշխանին կողմէ   Ասատի  իշխանութեան վրայ  մնալու մասին կատարած   յայտարարութիւններէն  ետք:

 

 Պարբերականը   նոյնպէս չէ   բացառած, որ այս  խօսակցութիւններուն հիմամբ      Սէուտական  Արաբիա    եւ Սուրիա   նոր «գոնսէսուս»ի մը   յանգին, որուն հիմամբ  ալ թագաւորութիւնն  ու իր գործակիցները  աշխոյժ  կերպով    պիտի ներգրաւուին Սուրիոյ վերակառուցման եւ   միլիոնաւոր տոլարներու եկամուտ ապահովող   աշխատանքներուն: