24 Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ, երբ ողջ հայութիւնը յարգանքի տուրք կը մատուցէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանն ուղերձ յղած է։
Անոր խօսքով` Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածը ծանրագոյն ողբերգութիւն էր ոչ միայն ցեղասպանութիւնը վերապրածներու, այլեւ հայ ժողովրդի բոլոր հատուածներուն համար: Ցեղասպանութիւնը փոխեց մեր ժողովուրդի ճակատագիրը եւ ստիպեց մեզ բազմաթիւ զրկանքներ ու տառապանքներ տեսնել յետագային: Մենք, սակայն, մեր դահիճներէն աւելի ուժեղ գտնուեցինք եւ մեր մէջ ուժ գտանք վերածնելու, անկախ պետութիւն ստեղծելու եւ ինքնուրոյն տնօրինելու մեր ճակատագիրը:
«Այսօր մեր նորագոյն պատմութեան հերթական դժուարին փուլն ենք անցնում: Երէկ ես կոչ եմ արել բոլոր քաղաքական ուժերին ապաքաղաքականացնել այս օրը: Ես շնորհակալ եմ, որ այդ կոչն ընդունուեց, եւ այսօր մենք աշխարհին ցոյց ենք տալիս, որ չնայած առկայ դժուարութիւններին ու չլուծուած ներքին խնդիրներին, միասնական ենք եւ համախմբուած: Սա մեր պարտք է նաեւ անմեղ նահատակների առջեւ»,- նշած է Կարապետեանը:
Անոր խօսքով` մենք կը վերահաստատենք մեր վճռականութիւնը՝ կերտելու ամուր պետականութիւն, ազատ ու քաղաքակիրթ հասարակութիւն, եւ ոչինչ կրնայ մեզ շեղել մեր երազած երկիրը կառուցելու ճանապարհէն։