image

Երուսաղէմի հարցի լուծման ուղղուած Լիբանանի նախագահ զօր. Աունին առաջարկը

Երուսաղէմի հարցի լուծման ուղղուած Լիբանանի նախագահ զօր. Աունին առաջարկը

Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ համագումարի ժամանակ խօսք առնելով անդրադարձած է Թրամբի վերջին որոշման, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հետ կապուած, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրին, Աուն քննադատելով կայացուած որոշումը առաջարկած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անունով անյապաղ կերպով բողոք ներկայացնել Անվտանգութեան խորհուրդին ու ՄԱԿ-ին, պահանջելով անվաւեր ճանչնալ ԱՄՆ նախագահին որոշումը, եւ դիւանագիտական քարոզարշաւ իրականացնել, առաւել մեծ թիւով երկիրներու կողմէ Պաղեստինի ինքնիշխանութիւնը ճանչնալու նպատակով, այնուհետեւ համապատասխան գործողութիւններ իրականացնել, Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք հռչակելու համար, նաեւ դիւանագիտական ու տնտեսական միասնական պատժամիջոցներ սահմանել այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք կը ճանչնան: