image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանն Ու Տաւութօղլուն Նոր Պատերազմ Հրահրելու Ոգեւորութեան Մէջ Են. Սելահէտտին Տէմիրթաշ

Էրտողանն Ու Տաւութօղլուն Նոր Պատերազմ Հրահրելու Ոգեւորութեան Մէջ Են. Սելահէտտին Տէմիրթաշ

Պոլսոյ թերթերը կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սելահէտտին Տէմիրթաշը մեղադրած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու վարչապետ Տաւութօղլուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմ հրահրելու մէջ: Տէմիրթաշ նաեւ նշած է, որ բախման առաջին օրէն նոր պատերազմ հրահրելու ոգեւորութեամբ Էրտողանն ու Տաւութօղլուն «Ազրպէյճանցիները թող ճզմեն, անցնին» ըսելով, այդ ուղղութեամբ յայտարարութիւններ սկսած են ընել: «Լեռնային Ղարաբաղը ինքնավար տարածք էր: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խնդիրը պէտք է կարգաւորէին բանակցային սեղանի շուրջ, քանի որ պատերազմը որեւէ կողմի օգուտ չի տար»,- աւելցուցած է Տէմիրթաշը: