Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէններուն նուիրեալ ծառայութեան համար եւ մաղթեց, որ անոնք շարունակեն իրենց աշխատանքը անկեղծութեամբ, կարգապահութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ։
2026–2027 կրթական նոր տարեշրջանին ընդառաջ, Չորեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետարանի "Հայտոսթեան" ժողովասրանէն ներս հերթական հանդիպում տեղի ունեցաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական վարժարաններու տնօրէններուն հետ, ղեկավարութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան նոր ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին առնչուող նախապատրաստական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վարժարաններու կրթական կեանքը առաւել հարստացնող հետաքրքրական, նորարար եւ մարտահրաւէրներով լի ծրագիրներու մշակումը։
Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէններուն նուիրեալ ծառայութեան համար եւ մաղթեց, որ անոնք շարունակեն իրենց աշխատանքը անկեղծութեամբ, կարգապահութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ։ Ան մաղթեց բեղուն եւ արդիւնաւէտ կրթական տարեշրջան՝ շարունակելով նախորդ տարիներու արձանագրած ակադեմական գերազանց արդիւնքները։
Հանդիպումը վերահաստատեց Հայ Աւետարանական վարժարաններու յանձնառութիւնը՝ ապահովելու որակաւոր կրթո