ԱՄՆ Արեւմտեան Ափին մէջ գործող Ազգային Շամլեան վարժարանի՝ ամերիկեան կրթական համակարգին մէջ հեղինակաւոր «Blue Ribbon» մրցանակին արժանանալը կարեւոր յաջողութիւն մըն է ոչ միայն վարժարանին, այլեւ ամբողջ հայ կրթական կեանքին համար։ Այս նշանակալի ձեռքբերումին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի նուիրուած գնահատանքի երեկոյ մը, որուն ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ անոր նուիրումը, կրթական տեսլականն ու տարիներու աշխատանքը։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի նուիրուած գնահատանքի անակնկալ երեկոն, Շամլեան վարժարանը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային Blue Ribbon մրցանակին արժանացած ըլլալուն առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Հրաւիրեալներու սեղմ շրջանակ մը ընդգրկող այս երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Vertigo Event Venue ճաշարանին մէջ, կազմակերպուած էր վարժարանի Ուսումնական մարմինին կողմէ: Հրաւիրեալներուն շարքին էին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Ազգ. վարչութեան անդամներ, Ազգ. Խնամակալ մարմինի անդամներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարանի անձնակազմը, բարերարներ եւ բարեկամներ:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնութեան եւ գնահատանքի յատուկ գիր նուիրեց Շամլեան վարժարանը ուսումնակրթական նոր բարձունքի հասցուցած տաղանդաշատ տնօրէնուհիին: Ներկաներէն շատեր եւս, իրենց կարգին, պարբերաբար խօսք առնելով՝ մեծապէս գնահատեցին տնօրէնուհի Քարկոտորեանի վարչական եւ կրթական իմացութիւնը, փորձառութիւնն ու կարողութիւնները:
Անակնկալ երեկոն նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ աշխատանքային կեանքի մէջ մեծ յաջողութիւն ձեռք ձգած տնօրէնուհին իր շնորհակալութիւնը յայտնէ Առաջնորդ Սրբազան հօր, Ազգ. վարչութեան, վարժարանի մեծ ընտանիքի պատասխանատու եւ գործունեայ մարմիններուն, նուիրատուներուն, պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտներուն, ծնողական շրջանակին եւ համայնքի զաւակներուն:


