image

Մահացաւ Տորի Շամունը. Նախկին նախագահ Քամիլ Շամունը անդրանիկ զաւակը

Մահացաւ Տորի Շամունը. Նախկին նախագահ Քամիլ Շամունը անդրանիկ զաւակը

Տորի Շամունի մահով կը փակուի Լիբանանի քաղաքական կեանքի շուրջ վեց տասնամեակներ ընդգրկող էջ մը՝ քաղաքացիական պատերազմէն ու սուրիական ներկայութենէն մինչեւ 2005-ի քաղաքական շրջադարձը եւ յետագայ տարիները։

Պէյրութի մէջ  այսօր իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի քաղաքական կեանքի երկարամեայ դէմքերէն՝ «Ազգային Ազատականներ» կուսակցութեան նախկին նախագահ եւ նախկին երեսփոխան Տորի Քամիլ Շամունը (Հանգուցեալը  94 տարեկան էր)։

1931-ին Տէյր Էլ-Քամար ծնած Տորի Շամունը Լիբանանի նախկին նախագահ Քամիլ Շամունի որդին էր եւ 1990-ին իր կնոջ ու երկու զաւակներուն հետ սպաննուած կուսակցութեան նախկին ղեկավար Տանի Շամունի եղբայրը։

Տորի Շամուն երկար տարիներ ղեկավարեց «Ազգային Ազատականներ»ու կուսակցութիւնը։ Ան կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը վարեց 1975-1984 տարիներուն, եւ ապա ստանձնեց կուսակցութեան ղեկավարութիւնը՝ 1991-2021 ժամանակաշրջանին։

Լիբանանի մէջ սուրիական ներկայութեան տարիներուն ան հանդէս եկաւ սուրիական ազդեցութեան դէմ գործող ընդդիմադիր ճակատին մէջ եւ մասնակցեցաւ 2001-ին կազմուած «Քըրնէթ Շըհուան» քրիստոնեայ ընդդիմադիր հաւաքին։ 2005-ին սուրիական բանակի Լիբանանէն հեռացումէն ետք, իր կուսակցութիւնը մաս կազմեց «14 Մարտ»ի ուժերուն։

2009-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Տորի Շամուն ընտրուեցաւ Լեռնալիբանանի Շուֆի մարոնի աթոռին համար եւ երեսփոխանի պաշտօնը պահեց մինչեւ 2018։

2021-ին ան հրաժեշտ տուաւ կուսակցութեան ղեկավարութեան՝ իր որդւոյն Քամիլ Տորի Շամունին փոխանցելով «Ազգային Ազատականներ»ու կուսակցութեան նախագահութիւնը։

Տորի Շամունի մահով կը փակուի Լիբանանի քաղաքական կեանքի շուրջ վեց տասնամեակներ ընդգրկող էջ մը՝ քաղաքացիական պատերազմէն ու սուրիական ներկայութենէն մինչեւ 2005-ի քաղաքական շրջադարձը եւ յետագայ տարիները։