image

Վանայ Լիճի Տեվէպոյնու թերակղզին «ազգային հանրապարտէզ» հռչակուեցաւ

Վանայ Լիճի Տեվէպոյնու թերակղզին «ազգային հանրապարտէզ» հռչակուեցաւ

Տեվէպոյնու թերակղզին, որ յատկանշական է Վանայ լիճի բնական ու պատմական հարուստ ժառանգութեամբ, նախագահական որոշումով «ազգային հանրապարտէզ» հռչակուած է եւ այսպիսով պաշտօնապէս պաշտպանութեան տակ առնուած։

Այս մասին կը յայտնէ «Նոր Մարմարա», նշելով, որ այդ մասին որոշումը հրապարակուած է 31 Օգոստոսի պաշտօնաթերթին մէջ, թիւ 11682 նախագահական որոշումով։

Նոր ազգային հանապարտէզը կը գտնուի Վանի Կէվաշ եւ Պիթլիսի Թաթվան գաւառակներու սահմաններուն մէջ։ Տեվէպոյնու թերակղզիի ազգային հանապարտէզ հռչակումով Թուրքիոյ ազգային պարկերուն թիւը բարձրացաւ 54-ի։

Թերակղզին առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն իր բնական գեղեցկութիւններով, այլ նաեւ պատմամշակութային ժառանգութեամբ։ Վանայ լիճին մէջ երկարող այս տարածքը շրջապատուած է կապտականաչ ծովախորշերով, ունի գրեթէ անխաթար մնացած բնութիւն եւ հարուստ կենդանական աշխարհ։ Իր աշխարհագրական դիրքին շնորհիւ ան նաեւ կենսաբազմազանութեան համար բնականօրէն պաշտպանուած տարածք մըն է։

Տարածքի պատմական արժէքը եւս ուշագրաւ է։ Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ թերակղզին իր մէջ կը պահէ 11րդ դարու Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ եւ վանքի պատմական հետքերը։ Այսպիսով ազգային հանրապարտէզի կարգավիճակ ստացած տարածքը կը համադրէ բնութեան պահպանութիւնն ու դարաւոր մշակութային ժառանգութիւնը արժեւորելու կարեւորութիւնը։