Լեհաստանն ու Ուքրանիան դատապարտած են լեհական սահմանին մօտ տեղի ունեցած ռուսական հարուածները, որոնց ընթացքին թիրախաւորուած է շոգեկառքը։
Հաղորդուած է, որ հարուածի պահուն Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Պորիս Ճոնսըն եւ Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան նախկին տնօրէն Տէյվիտ Փեթրաէուս գտնուած են մօտակայ սահմանային կայարանին մէջ։
Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարը Քիեւի մէջ յայտարարած է, որ այս սրացումը պէտք է դաշնակիցները դրդէ «կրկնապատկելու» իրենց աջակցութիւնը Ուքրանիոյ։ «Սա լեհական սահմանէն ընդամէնը քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ էր, եւ սա կ՚ազդէ իմ հայրենակիցներուս անվտանգութեան վրայ», ըսած է Ռատոսլաւ Սքկորսքին։
Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը հարուածներէն ետք Վարշաւայի մէջ արտակարգ նիստ գումարած է՝ զգուշացնելով, որ կ՚ակնկալէ, որ Ռուսիան «յառաջիկայ շաբաթներուն» պիտի սրէ պատերազմը։ Ան աւելցուցած է. «Մենք չենք կրնար բացառել, որ սրացումը ազդէ նաեւ մեր տարածքին վրայ… Կը յուսամ՝ ոչ»։
Լեհաստանն ու Ուքրանիան յայտնած են, որ Քիեւ-Վարշաւա ուղեւորատար գնացքը հարուածի ենթարկուած է լեհական սահմանէն ընդամէնը 2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Նշուած է, որ զոհեր չկան։