image
Հրատապ լուրեր:

Յունաստանի ափերու մօտ 25 մարդ անհետ կորսուած է նաւու խորտակումէն ետք. AFP

Յունաստանի ափերու մօտ  25 մարդ անհետ կորսուած է  նաւու խորտակումէն ետք. AFP

 

Առնուազն մէկ անձ զոհուած է եւ 25-ը անհետ կորսուած կը համարուին՝ Յունաստանի Կաւտոս կղզիի ափերուն մօտ գաղթականներ փոխադրող նաւու խորտակման հետեւանքով։ Այս մասին յայտնած է Agence France-Presse-ը՝ վկայակոչելով Յունաստանի առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը։

Կը նշուի, որ նաւուն մէջ ընդհանուր 77 անձ եղած է։ Մօտակայ երկու նաւերու անձնակազմերը փրկած են 51 անձ։

ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ 2026-ի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 22 հազար ապօրինի գաղթական մուտք գործած է Յունաստան՝ Միջին Արեւելքէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն։ 2025-ի ամբողջ տարուան ընթացքին արձանագրուած էր մօտ 49 հազար նման մուտք։ Անոնց մօտաւորապէս կէսը ժամանած է Լիպիայէն եւ ցամաք ելած՝ Կրետէ կղզիի վրայ։ Անոնցմէ շատերը յայտնած են, որ մտադիր են Յունաստանէն մեկնելու Եւրոպայի այլ երկիրներ։