Պոլսոյ թերթերը կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սելահէտտին Տէմիրթաշը մեղադրած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու վարչապետ Տաւութօղլուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմ հրահրելու մէջ: Տէմիրթաշ նաեւ նշած է, որ բախման առաջին օրէն նոր պատերազմ հրահրելու ոգեւորութեամբ Էրտողանն ու Տաւութօղլուն «Ազրպէյճանցիները թող ճզմեն, անցնին» ըսելով, այդ ուղղութեամբ յայտարարութիւններ սկսած են ընել: «Լեռնային Ղարաբաղը ինքնավար տարածք էր: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խնդիրը պէտք է կարգաւորէին բանակցային սեղանի շուրջ, քանի որ պատերազմը որեւէ կողմի օգուտ չի տար»,- աւելցուցած է Տէմիրթաշը: