Արաբական Մամուլի Անդրադարձը` Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն
Արաբական աշխարհին համար Թուրքիոյ մէջ ընթացող քաղաքական խմորումները դարձած են շեշտակիօրէն կարեւոր, մանաւանդ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն արաբ- իսլամական աշխարհին բացուելու քաղաքականութեան պատճառով: Ակներեւ է նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան, իր հերթական ճառերուն մէջ սկսած է կարկինը լայն բանալով պատգամներ յղել ոչ միայն Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կամ այլ ամբողջ արաբական աշխարհին սկսած Կազայէն, անցնելով Երուսաղէմ, Պէյրութ, Գահիրէ ու Դամասկոս: Այս փոխակապակցութեան եւ ըմբռնումներու մօտիկութեան առընթեր ակներեւ է նաեւ, որ արաբական աշխարհը զօրակցական կեցուածք կ'ակնկալէ Թուրքիայէն Իսրայէլի հետ իր ունեցած տարակարծութիւններուն եւ գրեթէ կէս դարէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան առընթեր: Այստեղ պէտք է նաեւ շեշտադրել, որ Էրտողանի իշխանութեան օրերուն Թուրքիան առաջին անգամ ըլլալլով ծանր մեղադրանքներ եւ քննդատութիւններ ըրած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն, որուն հետեւանքով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները աննախադէպ լարուածութիւն ապրած են: Այսպէս Լիբանան հրապարակուող «Ալ Սաֆիր» պարբերականի հեղինակներէն՝ Խալիլ Հարպ իր «Թուրքիան վախի զէնքին եւ միացնող Սուլթանի քննութեան առաջ» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն արդիւնքը , ոչ միայն ընտրական յաղթանակ եղաւ AKP-ին համար այլ նաեւ յաւելեալ քաղաքական իրաւասութիւններ կը շնորհեց յատկապէս Թուրքիոյ նախագահին: Արաբ վերլուծաբանը նաեւ նկատել կոււ տար, որ այս ընտրութիւնները ճանապարհ կը բանային Թուրքիոյ ժողովուրդին էութենական հարցադրումներ ընելու եւ կողմնորոշուելու կողմնորոշուելու, իր ապագային առընթեր: Հարպ նաեւ ըսած է, որ Էրտողան բացայայտ կերպով քուէներ խնդրած է Թուրքիոյ ժողովուրդէն անոր դիմաց խոստանալով երկրին վերադարձնել իր անդորրն ու կայունութիւնը. «Տուէք ինծի ձեր քուէները եւ ես պատրաստ եմ անդորրն ու անվտանգութիւնը ամրապնդել» ըսած է Էրտողան: Վերլուծաբանը նաեւ նկատել տուած է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները աննախատեսելի էին, ոչ միայն Թուրքիոյ ընդդիմադիր ճակատներուն համար այլ նոյնպէս Էրտողանի համակիր եղող վերլուծաբաններուն մօտ: Ան մէջբերելով ընդդիմադիր «Այտընլիք» պարբերականի մէկ զգայցունց մանշէթը, ուր գրուած էր «Սուլթանութեան անկումի օր»ը նաեւ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ ընտրութիւններէն առաջ տիրող անորոշ մթնոլորտը աննախադէպ էր եւ իր տարողականութեամբ աւելի շեշտուած քան 1997 թուականը, երբ վարչապետ Նաժըմ Ալ Տին Էրպաքանի կառավարութեան դէմ «սպիտակ յեղափոխութուն մը» իրականացուեցաւ: Խալիլ Հարպ իր յօդուածի աւարտին մանրամասն թիւեր ներկայացնելով կու տայ քուէներու ընդհանուր պատկերը, դիտել տալով, որ AKP -ն յաջողած է իր սնտուկները իջեցնել HDP-ի եւ առաւելապէս MHP-ի քուէները: Արաբ վերլուծաբանը կարեւորելով AKP-ի կեդրրոնական եւ ուժեղ կառավարութիւն մը կազմելու այսօրուան հնարաւորութիւնը հարց տուած է, թէ արդեօք Էրտողան պիտի յաջողի երկրին մէջ տիրող բաժանումի մթմոլորտը վերացնել եւ այդպիսով դուրս հանել Թուրքիան «շիշի մը մէջ բանտարկուած» իրավիճակէն:
Իր կարգին Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Հայաթ» պարբերականի Անգարայի թղթակից Եուսէֆ Ալ Շարիֆ կարճ գրոնիկ մը ստորագրելով կը գրէ, թէ իշխող AKP-ն եւ յատկապէս նախագահ Էրտողանը 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններով յաջողեցան իրենց ուղղուած 7 Յունիսի արդիւնքներու «ապտակ»էն ուշքի գալ եւ վերադիրքաւորուիլ ու դառնալ աւելի ուժեղ, քան ինչ էին Յունիսի ընտրութիւններէն առաջ: Լրագրողը նաեւ նկատել տուած է, որ թուրք ընտրողը այս ընտրութիւններով իր ձեւով «պատժեց» Թուրքիոյ ազգայանականները եւ ուժեղ հարուած տուաւ անոնց: Ըստ Ալ Շարիֆի այս ընտրութիւնները ոչ միայն AKP-ի յաղթանակը կը համարուին այլ մասնաււորապէս Տէւլէթ Պահչէլիի գլխաւորած MHP-ին պարտութիւնը: Ալ Հայաթի լրագրողը իր յօդուածի աւարտին հարցում մը տալով բարձրաձայնած է այն մասին, թէ արդեօ՞ք այս ընտրութիւններէն ետք նոր տագնապ մը պիտի յառաջանայ երկրի նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Տաւութօղլույի միջեւ նշելով նաեւ, որ Թուրքիոյ վարչապետը այս ընտրութիւններուն գրանցուած յաղթանակը կը վերագրէ իր տարած եւ հովանաւորած ընդնահուր աշխատանքներուն մինչ Էրտողան եւս կը հաւատայ,որ յաղաթանակը նախ եւ առաջ կը պատկանի իրեն: Իր կարգին «Ալ Հայաթ»ի նախկին խմբագիր Ժիհատ Ալ Խազէն «Էրտողան յաղթեց ընտրութիւնները բայց ոչ խաղաղութիւնը» խորագրեալ յօդուածով եւ ներկայացնելով ընդհանուր իրավիճակը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ արեւմտեան գաւառներուն մէջ եղած արիւնայեղութեան համար: Խազէմ, որ չէ թաքցուցած իր հիացմունքը Թուրքիոյ գործող վարչապետին եւ նախագահին հասցէին յայտնած է, թէ անոնք մեծ սխալներ թոյլ տուին մասնաւորապէս եգիպտական թղթածրարին առընթեր: Խազէն գրած է, թէ Թուրքիոյ համար այսօր ամէնէն առաջնային խնդիրը քրտական հարցն է եւ հարց տալով ընդգծած է, թէ արդեօ՞ք իշխող կուսակցութիւնը եւ մասնաւորապէս երկրի նախագահը պիտի կարողանան քիւրտերուն հետ լեզու գտնել: Ան նաեւ կարեւորած է ընկերային եւ տնտեսական այն ձեռքբերումները որոնք իրագործուեցան այս իշխանութիւններուն ձեռամբ:Խազէն իր յօդուածին կ'աւարտէ նշելով- թէ Թուրքիոյ նախագահը այս ընտրութիւնները յաջողեցաւ յաղթանակով պսակել ու հարց տալով, թէ արդեօ՞ք ան պիտի կարողանայ «նուաճել» խաղաղութիւնը: Իր կարգին «Շարըք Ալ Աուսաթ» թերթի վերլուծաբան Սաէր Ապպաս «Թուրքերը Վերադարձան AKP-ի գիրկը» խորագրեալ յօդուածով մը նկատել տուած է, թէ երկրին մէջ տեղի ունեցած զինուորական թէժ գործողութիւնները պատճառ հանդիսացան, որ Թուրքիոյ հասարակութիւնը իր ուժերը լարէ եւ իր քուէները տայ իշխող կուսակցութեան: Ըստ Ապպասի այդպիսով Թուրք հասարակութիւնը իր վստահութեան վաւերաթուղթի վերածելով տուած եղաւ, ոչ միայն նախագահ Էրտողանին եւ անոր վարչախումբին այլ «յայտարարեց», որ իր համար ամէնէն կարեւորն ու հիմնականը երկրին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան վերականգուն ու պահպանումն են: «Շարք Ալ Աուսաթ»ի վերլուծաբանը նաեւ շեշտած է, թէ 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն կարեւոր է նկատել, որ թուրք ազգայնական MHP կուսակցութեան օգտին քուէարկողներու կարեւոր մէկ տոկոսը իր քուէները նետած է AKP-ին այդ մէկը վերագրելով կուսակցութիւնէն ներս առկայ երեւելի տարաձայնութիւնները եւ պառակատումը նշելով նաեւ, որ MHP -ի մէջ այդ իրավիճակը կրնայ աւելիով շեշտուիլ ընտրութիւններէն ետք:
Թուրքիոյ ընտրութիւններուն առումով արաբական մամուլին ընդհանուր կարծիքը գրի առնելէ ետք պարզ է, որ տարբեր առումներով արաբներուն մօտ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առընթեր տարբեր հարցադրումներ կան: Անվստահութիւն բառը պիտի չգործածեմ, որովհետեւ մեծաւ մասամբ Սիւննի աշխարհին խօսնակ հանդիսացող օրաթերթերուն մէջ կայ զգոյշ վերաբերում մը եւ այդ վերաբերմունքը բնականաբար գետին շահած է Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան Սուրիոյ տագնապին առընթեր եւ նախագահ Պաշշար Ասատին դէմ ունեցած բացայայտ ժխտական կեցուածքով: Ասատի դէմ իրենց կեցուածքով Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ իրենց կարծրութեանը վրայ: Իսկ Շիիթ թեքում ունեցող մամլոյ ներկայացուցիչներուն համար Էրտողանի հզօրանալը ոչ միայն հանդուրժելի չէ այլ անոնց համար թոյլ Թուրքիոյ մը ներկայութիւնը ջուր կը լեցնէ իրենց ջաղացքին: Բնականաբար քննդատութեան կ'արժանանայ Թուրքիոյ իշխանութիւնը քիւրտերուն եւ PKK -ին դէմ իր շղթայազերծած զինուորական գործողութիկններուն համար, սակայն Շիիթները եւս զգոյշ են քրտական թէզին ամրապնդման դիմաց: Քրտական նոր իրավիճակի մը երեւումը տանելի չէ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Իրանի համար: Այս փաստագրումներէն անդին երթալով կարելի է ըսել, որ արաբական աշխարհին ու մասնաւորապէս Սիւննի աշխարհին համար Էրտողան պիտի շարունակէ մնալ վստահելի եւ հիմնարար ուժ մը, որուն կարելի է յենիլ մասնաւորապէս զինուորական հաւանական միջատմութիւններու կամ օժանդակութիւններու համար:
Արաբական աշխարհին համար Էրտողանի աստղը պիտի փայլի այնքան ժամանակ, որ անոր խօսած լեզուին նրբերանգներուն մէջ կայ իսլամական շեշտադրումով մը խօսելու եւ համաիսլամական արժէքներով իշխելու եւ գործելու եղանակները:
Սագօ Արեան
«Արարատ» Պէյրութ