image

«Էրտողանի նեցուկը ոգեւորիչ էր...» Ալիեւ գովաբանած է իր մեծ եղբայր՝ Էրտողանը

«Էրտողանի նեցուկը ոգեւորիչ էր...» Ալիեւ գովաբանած է իր մեծ եղբայր՝  Էրտողանը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Թուրքիոյ Մեծ Ազգային ժողովի (Թուրքիոյ բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը,- խմբ.) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Աքիֆ Աաթայ Քըլըչի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձած է երկրորդ Արցախեան պատերազմին` ընդգծելով այդ ընթացքին Թուրքիոյ ցուցաբերած աջակցութիւնը, գրած է minval.az-ը: 

«Մենք անընդհատ միասին ենք, կ'աջակցինք իրար ինչպէս երկկողմ ձեւաչափով, այնպէս ալ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանածիրէն ներս: Ի հարկէ, Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերած աջակցութիւնը, ինչպէս գիտէք, մեծ երախտագիտութիւն առաջացուցած է համայն ատրպէյճանցի ժողովուրդի մօտ: Այդ բնական է, քանի որ երկու եղբայրական երկիրներ միշտ ալ իրար կողքի են:

Իմ թանկագին եղբայր, յարգելի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի՝ առաջին ժամերէն իսկ մեզի ցուցաբերած քաղաքական եւ բարոյական աջակցութիւնը, ի հարկէ, մեզի շատ ոգեւորած է: Համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերած են նաեւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի ղեկավարը եւ խորհրդարանի անդամները: Այսինքն՝ պատերազմի օրերը անգամ մը եւս ցոյց տուած են, թէ ինչպէս մեր ժողովուրդները կապուած են իրար հետ, ինչ սիրով ու յարգանքով կը վերաբերին իրար»,- եզրափակած է Ալիեւը:

Նոյն հանդիպման ժամանակ Ալիեւը յայտարարած է, որ այսօր տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակ ստեղծուած է, նոր իրողութիւն:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը արդէն պատմութեան գիրկն է, այն լուծուած է եւ աւարտած: Այսօր մենք պէտք է նայինք ապագային եւ մտածենք տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան մասին, մասնաւորապէս, կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը փոխադրային նախագիծերու իրականացումն է, Զանգեզուրի միջանցքի բացումը: Վստահ եմ, որ ատոր պիտի հասնինք համատեղ ջանքերու միջոցով»,- յայտարարած է երկրի ղեկավարը: