image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան կրկին անգամ խօսած է Թուրքիոյ հայաստանացիներուն մասին

Էրտողան  կրկին անգամ խօսած է  Թուրքիոյ հայաստանացիներուն  մասին

Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան խօսած է Թուրքիա ապաստանած    հայաստանացիներուն մասին: Այս մասին կը փոխանցէ թրքական «Ճումհուրիյէթ»  պարբերականը:  Թերթը նաեւ  կը գրէ, թէ  Էրտողան, որ կը շարունակէ  արձագանքել  Գերմանիոյ  Պունտեսթակի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին,  ըսած է, թէ «խնդիրը հայերը չեն, այլ    հայերը կը գործածուին որպէս մահակ ճնշելու համար Թուրքիան»: Ան նաեւ ըսած է, թէ Թուրքիան  լաւ վերաբերմունք ունի հայերուն հանդէպ,  «այլապէս   այնտեղ ապրող հայաստանացիները  Եւրոպայի նման իրենց երկիրը կ'ուղղարկէր»: