image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան Գերմանիոյ քաղաքականութիւնը նացիզմի հետ համեմատած է. Գերմանիա պատասխանած է

Էրտողան Գերմանիոյ քաղաքականութիւնը նացիզմի հետ համեմատած է. Գերմանիա պատասխանած է

Թուրքիոյ նախագահ  Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը նացիզմի հետ համեմատած է, քանի որ վերջիններս արգիլած են Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պէքիր Պոզտաղին ելոյթ ունենալ Գերմանիոյ թրքական համայնքի ներկայացուցիչներու առջեւ հանրահաւաքի ժամանակ: Այս մասին կը յայտնէ «kommersant.ru» կայքը, նշելով, որ հանրահաւաքը նուիրուած էր 16 ապրիլին կայանալիք Թուրքիոյ սահմանադրական բարեփոխման հանրաքուէին:

«Գերմանիան շեղուած է ժողովրդավարական ուղիէն, անոր ներկայ քաղաքականութիւնը ժողովրդավարութեան հետ որեւէ կապ չունի, ան նոյնիսկ համեմատելի է նացիստական ռեժիմի հետ»,- ըսած է Էրտողան:

Պունտեսթակի մէջ իշխող Քրիստոնեայ-դեմոկրատական եւ Քրիստոնեայ-սոցիալական միութիւններու դաշինքի խմբակցութեան ղեկավար Ֆոլկէր Կաուտէր Էրտողանի խօսքերը անուանած է անհաւանական ու անընդունելի, մանաւանդ այն պարագային երբ անոնք կը հնչեն «ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրի նախագահէն՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ մէկ այլ երկրի հասցէին»:

Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան փոխնախագահ Եուլիա Քլոքնէր իր հերթին, Էրտողանի խօսքերը որակած է վրդովեցնող եւ «պատմութիւնը մերժող»: Իսկ Քրիստոնեայ-սոցիալական միութեան գլխաւոր քարտուղար Անտրյաս Շոյեր «Passauer Neuen Presse»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Էրտողանի ելոյթը անուանած է «Հրէշային քայլ Պոսֆորի բռնապետի կողմէ»:

Նշենք, որ Էրտողան Գերմանիան մեղադրած էր ահաբեկչութեան աջակցութեան մէջ: