image

Էրտողան եւ Ասատ պիտի ձեռնուի՞ն. Վերլուծութիւն

Էրտողան եւ Ասատ պիտի ձեռնուի՞ն. Վերլուծութիւն

Բրիտանական «The Guardian» թերթի լրագրող Փաթրիք Ուինթուր իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Սուրիոյ ճգնաժամի մօտալուտ աւարտին, նշելով, որ արեւմտեան ուժերը խնդիրի առջեւ պիտի կանգնին, որովհետեւ ԱՄՆ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա ի վիճակի չեն թրքական կողմի ռազմավարական աջակցութեան վնասները հատուցելու:

Ուինթուր կարծիք յայտնած է, որ ԱՄՆ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա հաւանաբար միջին ծանրութեան մեկնաբանութեամբ հանդէս պիտի գան Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններուն առթիւ, մտահոգուելով Թուրքիոյ, Դամասկոսի եւ Մուսկուայի միջեւ համաձայնութեան կնքուելու հաւանականութենէն:

Ուինթուր շեշտած է նաեւ, որ Սուրիոյ վերաշինութեան չմասնակցելու Արեւմուտքի սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի յայտարարութիւնը, թէ 2000 զինուոր պիտի պահէ Սուրիոյ մէջ, բոլորն իրենց ուժը պիտի կորսնցնեն, եթէ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն չստանան: Հետեւաբար, եթէ Թուրքիա Մոսկուայի կողքն անցնի, վերջինս մեծ քայլերով պիտի առաջանայ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման գործին մէջ: