«Մենք պատրաստ ենք կատարելու բոլոր քայլերը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար»,- Յունիսի 15-ին Շուշիի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը։
Ան Հայաստանին կոչ ըրած է մասնակցելու տարածաշրջանային զարգացման՝ 6 երկիրներու ձեւաչափի շրջագիծէն ներս՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի, Իրանի, Վրաստանի ու Հայաստանի ներգրաւմամբ։