ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մեկնաբանած է Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանի ձերբակալութիւնը։
«Այսօր տեղի ունեցաւ Երրորդ հանրապետութեան ամենաբարձրաստիճան ձերբակալութիւնը: Մենք չենք կատակեր, երբ կ'ըսենք կաշառակերութիւնը տեղ չունի մեր երկրին մէջ: Մեզի համար չկան նախկին կամ ներկայ կաշառակերներ», – նշած է վարչապետ Փաշինեանը Facebook–եան իր էջին` ընդգծելով, որ ներկայ թէ նախկին՝ իւրաքանչիւր կաշառակեր պիտի կանգնի դատարանի առջեւ:
Յիշեցնենք, որ ԱԱԾ–ն հաղորդագրութիւն տարածեց` յայտնելով, որ Վահագն Վերմիշեանը ձերբակալուած է կաշառք վերցնելու գործով։