image

Երկօրեայ արձակուրդ Լիբանանի մէջ՝ Ֆիթր տօնին առթիւ

Երկօրեայ արձակուրդ Լիբանանի մէջ՝ Ֆիթր տօնին առթիւ

Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրապարակած յայտարարութեան՝  26 եւ 27 յունիսը պաշտօնական արձակուրդ է Լիբանանի մէջ եւ պետական բոլոր հաստատութիւնները իրենց դռները փակ պիտի պահեն այդ օրերուն:

Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի Մամլոյ  սենտիքան այս առթիւ որոշում հրապարակած է, ըստ որուն՝ լիբանանեան մամուլը եւս երկօրեայ արձակուրդ պիտի ունենայ: