Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրապարակած յայտարարութեան՝ 26 եւ 27 յունիսը պաշտօնական արձակուրդ է Լիբանանի մէջ եւ պետական բոլոր հաստատութիւնները իրենց դռները փակ պիտի պահեն այդ օրերուն:
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի Մամլոյ սենտիքան այս առթիւ որոշում հրապարակած է, ըստ որուն՝ լիբանանեան մամուլը եւս երկօրեայ արձակուրդ պիտի ունենայ: