Գիտնականներ նշած են, որ Երկիր մոլորակը «Ապակեայ տան» իրավիճակին մատնուելու վտանգին առջեւ կանգնած է, կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:
Գիտնականներուն կարծիքով, եթէ անգամ բոլոր երկիրները յարգեն վնասակար կազերու արձակումը կրճատելու պայմանաւորուածութիւնը, աշխարհի միջին ջերմաստիճանը 4-5 աստիճան պիտի բարձրանայ:
Գիտնականները նշուած ուսումնասիրութիւնը կատարած են Եւրոպայի մէջ 40 աստիճանէն աւելի բարձր ջերմաստիճան գրանցուելուն եւ անտառներու մէջ հրդեհներ առաջանալուն հետեւանքով:
Նշենք, որ 2015 թուականին շուրջ 200 երկիր իրենց համաձայնութիւնը տուած էին երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացումը կանխելու նախագիծին:
Գիտնականներն զգուշացուցած են նաեւ ջերմաստիճանի բարձրացման անակնկալ ու անկանխատեսելի բացասական արդիւնքներէն: