image

Երկիր մոլորակը «ապակեայ տան» իրավիճակին մատնուելու վտանգին ենթակայ է

Երկիր մոլորակը «ապակեայ տան» իրավիճակին մատնուելու վտանգին ենթակայ է

Գիտնականներ նշած են, որ Երկիր մոլորակը  «Ապակեայ տան» իրավիճակին մատնուելու վտանգին առջեւ կանգնած է, կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Գիտնականներուն կարծիքով, եթէ անգամ բոլոր երկիրները յարգեն վնասակար կազերու արձակումը կրճատելու պայմանաւորուածութիւնը, աշխարհի միջին ջերմաստիճանը 4-5 աստիճան պիտի բարձրանայ:

Գիտնականները նշուած ուսումնասիրութիւնը կատարած են Եւրոպայի մէջ 40 աստիճանէն աւելի բարձր ջերմաստիճան գրանցուելուն եւ անտառներու մէջ հրդեհներ առաջանալուն հետեւանքով:

Նշենք, որ 2015 թուականին շուրջ 200 երկիր իրենց համաձայնութիւնը տուած էին երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացումը կանխելու նախագիծին:

Գիտնականներն զգուշացուցած են նաեւ ջերմաստիճանի բարձրացման անակնկալ ու անկանխատեսելի բացասական արդիւնքներէն: