image
Հրատապ լուրեր:

Էրէբունիի խնդրին վերջին զարգացումները(համառօտ)

Էրէբունիի խնդրին վերջին զարգացումները(համառօտ)

Արդէն երրորդ օրն է, որ Էրէբունի  շրջանի   պահակային  զօրանոցը  կը շարունակէ  մնալ «Սասնայ ծռեր»  խմբակի  զինեալներու  տիրապետութեան տակ:    Երէկ գիշեր, Սարի Թաղ  շրջանին  մօտ եղած ընդհարումէն բացի իրադրութիւնը  եղած է   հանգիստ: Ըստ  Պարոյր Հայրիկեանի      այս խնդրի լուծումը  պէտք է      հանգուցալուծուի   բացառապէս  խաղաղ ճանապարհով: Հայրիկեան  ըսած է, որ   ինք բացարձակաւէս դէմ է  բռնի ուժի  օգտագործման: Ան նաեւ   զարմանք  յայտնած է մինչեւ այս պահը ՀՀ  նախագահ Սերժ Սարգսեանի  լռութեան  վերաբերեալ: Միւս կողմէ կը հաղորդուի «Հանրային խորհուրդ»ի սոյն խնդրին վերաբերեալ    կայացնելիք փակ  նիստին մասին: Լրատուական  աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ  հանրային խորհուրդի անդամները      միակամ են խնդիրը խաղաղ միջոցներով լուծելու  վերաբերեալ եւ անոնք  պատրաստակամութիւն յայտնած են    խնդրի լուծման համար  միջնորդի դերով հանդէս գալու:  Նշենք, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի  պատասխանատուներէն ՝ Գարեգին Չուքասզեան,  այսօր խօսելով «Սիվիլնէթ» կայքին,   նկատել տուած է, թէ    բանակցութիւններու առընթեր  «Սասնայ ծռեր» խումբի տղաքը    ցոյց տուած են     բաւարար  ճկունութիւն  եւ այդ մէկը  պէտք է օգնէ  խնդրին  խաղաղ լուծում ապահովելուն առընթեր: Իր  կարգին «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան  նախագահ Արամ Զ.  Սարգսեան  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով      Էրէբունի զօրանոցի  դէպքերը  համարած է  արկածախնդրութիւն: Նշենք, որ ԱՄՆ  պետական   բանբեր  Մարկ Թոնըր,  խօսելով Էրէբունիի դէպքերուն   մասին, դատապարտած  է պատահարը,  ըսելով, որ ԱՄՆ կտրականապէս  դէմ է Հայաստանի մէջ բռնութեամբ փոփոխութիւններու  հասնելու  եղանակին:  Նշենք, որ  երէկ   խնդրին հանգուցալուծման  համար          տարուող բանակցութիւններուն մասին  նոր   տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Բանակցութիւններուն     պատկան մարմիններուն եւ  «Սասնայ ծռեր»  խումբի  տղոց միջեւ միջնորդի դերով հանդէս  եկած էր  «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Ալէք Ենիգոմշեան: