Արդէն երրորդ օրն է, որ Էրէբունի շրջանի պահակային զօրանոցը կը շարունակէ մնալ «Սասնայ ծռեր» խմբակի զինեալներու տիրապետութեան տակ: Երէկ գիշեր, Սարի Թաղ շրջանին մօտ եղած ընդհարումէն բացի իրադրութիւնը եղած է հանգիստ: Ըստ Պարոյր Հայրիկեանի այս խնդրի լուծումը պէտք է հանգուցալուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Հայրիկեան ըսած է, որ ինք բացարձակաւէս դէմ է բռնի ուժի օգտագործման: Ան նաեւ զարմանք յայտնած է մինչեւ այս պահը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի լռութեան վերաբերեալ: Միւս կողմէ կը հաղորդուի «Հանրային խորհուրդ»ի սոյն խնդրին վերաբերեալ կայացնելիք փակ նիստին մասին: Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ հանրային խորհուրդի անդամները միակամ են խնդիրը խաղաղ միջոցներով լուծելու վերաբերեալ եւ անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են խնդրի լուծման համար միջնորդի դերով հանդէս գալու: Նշենք, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի պատասխանատուներէն ՝ Գարեգին Չուքասզեան, այսօր խօսելով «Սիվիլնէթ» կայքին, նկատել տուած է, թէ բանակցութիւններու առընթեր «Սասնայ ծռեր» խումբի տղաքը ցոյց տուած են բաւարար ճկունութիւն եւ այդ մէկը պէտք է օգնէ խնդրին խաղաղ լուծում ապահովելուն առընթեր: Իր կարգին «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Զ. Սարգսեան յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով Էրէբունի զօրանոցի դէպքերը համարած է արկածախնդրութիւն: Նշենք, որ ԱՄՆ պետական բանբեր Մարկ Թոնըր, խօսելով Էրէբունիի դէպքերուն մասին, դատապարտած է պատահարը, ըսելով, որ ԱՄՆ կտրականապէս դէմ է Հայաստանի մէջ բռնութեամբ փոփոխութիւններու հասնելու եղանակին: Նշենք, որ երէկ խնդրին հանգուցալուծման համար տարուող բանակցութիւններուն մասին նոր տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Բանակցութիւններուն պատկան մարմիններուն եւ «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց միջեւ միջնորդի դերով հանդէս եկած էր «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Ալէք Ենիգոմշեան: