image
Հրատապ լուրեր:

Եղիշէ Խաչատրեանի Սպաննութեան գործով երկու անձեր ձերբակալուեցան

Եղիշէ Խաչատրեանի Սպաննութեան գործով երկու  անձեր ձերբակալուեցան

Եղիշէ Խաչատուրեանի (58 տարեկան) սպաննութեան գործով երկու   անձեր  կալանաւորուած են: Այս մասին կը յայտնէ    Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կայքը:  Աղբիւրը  կը նշէ, որ   կալանաւորեալներ ՝ Արարատ Նիկողոսեան  եւ  Արտաշէս Չիչոյեան  աւելի վաղ ներկայացած էին  ՀՀ ոստիկանութեան Էրէբունի կեդրոն:  Նշենք, որ 4 յունիսին        Եղիշէ Խաչատրեանի եւ  վերջիններուս միջեւ     երթեւեկութեան  կանոններու խախտման  հետեւանքով ծագած էր վէճ, որմէ ետք  մեղադրեալները  դաժանօրէն ծեծի ենթարկած ու սպաննած էին Խաչատրեանը:  Եղիշէ Խաչատրեան ամուսինն էր լեզուաբան Փառանձեմ  Մէյթիխանեանի: Կը նշուի նաեւ, որ նոյն   հարցով աւելի վաղ   կալանաւորուած էր  Խաչիկ Կոսեան :