image

Մարտ 1-ի գործով անցնող Միքայէլ Յարութիւնեանի մեղադրանքը փոխուած է

Մարտ 1-ի գործով անցնող Միքայէլ Յարութիւնեանի մեղադրանքը փոխուած է

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի մեղադրանքը Յատուկ քննչական ծառայութենէն ներս վերաորակուած է:

Յարութիւնեանն այժմ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածի (Սահմանադրական կարգը տապալելը) փոխարէն որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 309 յօդուածի 3-րդ մասով (Պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնիլը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ):

Այս մասին «Հայկական ժամանակ»-ի հարցմանն ի պատասխան՝ ըսած են ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութենէն:

Յիշեցնենք, որ 2008-ի Մարտ 1-ի իրադարձութիւններու ժամանակ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Միքայէլ Յարութիւնեանի գործով դատավարական ղեկավարում իրականացնող դատախազի կողմէ վարոյթն իրականացնող մարմնին տրուած է ցուցում՝ առաջադրուած մեղադրանքը վերաորակելու եւ նոր մեղադրանք առաջադրելու հարցը լուծելու նպատակով կատարել անհրաժեշտ քրէադատավարական գործողութիւններ:

Յարութիւնեանն այժմ կը գտնուի հետախուզման մէջ: