Եէմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալէհ սպաննուած է: Այս մասին լուրը փոխանցեց Sky News կայանը, որ նաեւ յայտնեց, որ տեղեկութիւնը տրուած է Հուսիներու մօտիկ համարուող աղբիւրներ: Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանը կարճ տեսանիւթ մը սփռելով ցոյց տուած է Սալէհի դիակը:
Յիշեցնենք, որ Եէմէնի արդէն երկրորդ տարին թեւակոխող պատերազմին սկիզբէն ի վեր Սալէհ համագործակցած էր երկրի Հուսի զինեալներուն հետ ընդդիմանալով Ռիատի մօտիկ համարուող նախագահ Ապըտ Ռապու Մանսուր Ալ Հատիին:
Սալէհ, որ կազմած էր յատուկ ջոկատայիններ յաջողած էր Հուսիներու կողքին կռուելով կացութիւն ստեղծել յատկապէս մայրաքաղաք Սանհայի մէջ:
Սալէհի այս կեցուածքը տեւած էր մինչեւ անցեալ շաբաթ օր, երբ ան բաւական անհասկնալի պայմաններու տակ իր արեւելումը փոխելով հաւատարմութիւն յայտնած էր Եէմէնի մէջ պատերազմ մղող եւ Ռիատի գլխաւորութեամբ կազմուած դաշնակից ուժերուն:
Սալէհի սպաննութիւնը կրնայ աւելիով բարդացնել Եէմէնի իրավիճակը: