image

Եէմէնի «Հուսի»ները նոր սպառնալիքներով հանդէս եկած են. «Ռազմերը կրնանք Կարմիր ծով փոխադրել»

Եէմէնի «Հուսի»ները   նոր սպառնալիքներով հանդէս եկած  են. «Ռազմերը կրնանք    Կարմիր ծով  փոխադրել»

 Եէմէնի մէջ  պատերազմող  «Ալ Հուսի»     զինեալները յայտարարած են,  որ  մտադիր են Կարմիր ծովը պատերազմի դաշտի  վերածել:

 Իր կարգին   Ատէնի  կառավարութեան   մէկ բանբերը   յայտատարեց,  որ «Ալ Մըխա»  նաւահանգիստը ենթարկուած  է զինեալ  յարձակումի՝ ականաւորուած նաւով: Մարդկային   զոհեր  չեն գրանցուած:   Իր կարգին   սէուտական  « Ալ Ուաս» լրատուամիջոցը յայտարարեց, որ զինեալ խմբաւորումներ յարձակած են նաւահանգիստին  վրայ:

Նշենք, որ 2014-էն սկսեալ Եէմէնի մէջ  պատերազմական     վիրավիճակ կը տիրէ  եւ երկրին մէջ հակամարտող  կողմերէն  իւրաքանչիւրը    իր    յարի    քաղաքական  որոշ  կողմի մը:  Մինչ   Ատէնի կառավարութիւնը    իր թելադրանքները կը ստանայ  Ռիատէն- անդին շիիթ «Հուսի»ները     կը համարուին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմնակիցներ: