Եէմէնի մէջ պատերազմող «Ալ Հուսի» զինեալները յայտարարած են, որ մտադիր են Կարմիր ծովը պատերազմի դաշտի վերածել:
Իր կարգին Ատէնի կառավարութեան մէկ բանբերը յայտատարեց, որ «Ալ Մըխա» նաւահանգիստը ենթարկուած է զինեալ յարձակումի՝ ականաւորուած նաւով: Մարդկային զոհեր չեն գրանցուած: Իր կարգին սէուտական « Ալ Ուաս» լրատուամիջոցը յայտարարեց, որ զինեալ խմբաւորումներ յարձակած են նաւահանգիստին վրայ:
Նշենք, որ 2014-էն սկսեալ Եէմէնի մէջ պատերազմական վիրավիճակ կը տիրէ եւ երկրին մէջ հակամարտող կողմերէն իւրաքանչիւրը իր յարի քաղաքական որոշ կողմի մը: Մինչ Ատէնի կառավարութիւնը իր թելադրանքները կը ստանայ Ռիատէն- անդին շիիթ «Հուսի»ները կը համարուին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմնակիցներ: