image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Պոլիս մուտքի բոլոր ճանապարհները փակուած են

Դէպի Պոլիս մուտքի բոլոր ճանապարհները փակուած են

Պոլսոյ մէջ «Գայլի թակարդ 2» անուանով յատուկ գործողութիւն կ'իրականացուի։ Այդ պատճառով փակուած են օդային, ցամաքային եւ ծովային ճանապարհով դէպի քաղաք մուտքերը։ Գործողութեան մասնակցած է շուրջ 2000 ոստիկան։



Ըստ թրքական «Sondakika» լրատուական կայքին՝ գործողութիւնը կ'իրականցուի երկրի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս։ Աղբիւրի համաձայն՝ ոստիկանները կը կեցնեն կասկածելի մեքենաները եւ կը ստուգեն վարորդներու փաստաթպւղթերը։



Նշենք, որ նման գործողութիւն իրականացուած անցած տարուայ 15 մարտին։