image
Հրատապ լուրեր:

Դաշնակցութիւնը իր շարքերէն արտաքսած է Կարօ Փամպուքեանը

Դաշնակցութիւնը իր շարքերէն արտաքսած է  Կարօ Փամպուքեանը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն իր շարքերէն արտաքսած է Կարօ Փամպուքեանը: Այս մասին որոշումը  հրապարակուած է Պէյրութի  Դաշնակցական օրկան  «Ազդակ»ի մէջ:   Լոյս  տեսած հաղորդագրութեան  մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի, թէ Կարօ Փամպուքեան ՀՅԴ շարքերէն կ'արտաքսուի, իր «Դաշնակցականի բարքերուն  անյարիր իր կեցուածքներուն համար»: Նշենք, որ   Փամպուքեան  կը վարէր  Այնճարի քաղաքապետի  պաշտօնը: