Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի տարբեր թաղամասեր երէկ ենթարկուած են հրթիռակոծման տարափի, որուն հետեւանքով տասնեակներ վիրաւորուած են, ուրիշներ՝ զոհուած, կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական կայքը:
Ըստ ոստիկանութիւնը ներկայացնող աղբիւրին, զինեալ խմբաւորումները Արեւելեան Ղութայի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելով երկու անձի կեանք խլած են, եւ 7 անձ վիրաւորած:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Ճարամանա քաղաքը նոյնպէս թիրախ դարձած է հրթիռակոծման, ուր ինկած երկու հրթիռները երկու անձի վիրաւորման պատճառ դարձած են: