Դամասկոսի մէջ եղած ահաբեկչութեան հետեւանքով տուժածներուն մէջ հայեր չկան: Այս մասին յայտնած է Դամասկոսի մօտ ՀՀ դեսպանութեան Թվիթըրի էջը: Դեսպանութեան կատարած գրառման մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի. «Դամասկոսի ցուցահանդէսի տարածքի հրթիռակոծութեան արդիւնքում ՀՀ դիւանագէտներն անվնաս են: Նախնական տուեալներով` տուժածների թւում հայեր չկան»:
Յիշեցնենք, որ ահաբեկիչ զինեալներ երէկ յետմիջօրէին ահաբեկիչ զինեալներ ռմբակոծած էին Դամասկոսի «միջազգային ցուցահանդէս»ին մօտիկ եղող շրջանները, որուն հետեւանքով զոհուած էին 4 անձեր:
Անցնող տարիներուն Սուրիան հարուածած պատերազմին հետեւանքով առկախուած եւ այս տարի իրականացուած ցուցահանդէսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ:
Ցուցահանադէսին ի շարս այլ երկիրներու իր մասնակցութիւնը բերած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: