image

Դամասկոսի մէջ ահաբեկչութեան հետեւանքով տուժածներուն մէջ հայեր չկան. Դամասկոսի ՀՀ դեսպանատուն

Դամասկոսի մէջ ահաբեկչութեան հետեւանքով տուժածներուն մէջ հայեր չկան. Դամասկոսի ՀՀ դեսպանատուն

Դամասկոսի մէջ եղած ահաբեկչութեան հետեւանքով  տուժածներուն մէջ հայեր չկան: Այս մասին յայտնած է Դամասկոսի մօտ ՀՀ դեսպանութեան  Թվիթըրի  էջը: Դեսպանութեան կատարած գրառման մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի. «Դամասկոսի ցուցահանդէսի տարածքի հրթիռակոծութեան արդիւնքում ՀՀ դիւանագէտներն անվնաս են: Նախնական տուեալներով` տուժածների թւում հայեր չկան»:

 Յիշեցնենք, որ ահաբեկիչ զինեալներ երէկ յետմիջօրէին ահաբեկիչ զինեալներ ռմբակոծած էին Դամասկոսի «միջազգային ցուցահանդէս»ին մօտիկ եղող շրջանները, որուն հետեւանքով զոհուած էին  4 անձեր:

 Անցնող տարիներուն Սուրիան հարուածած պատերազմին հետեւանքով առկախուած եւ այս տարի իրականացուած ցուցահանդէսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ:

 Ցուցահանադէսին ի շարս այլ երկիրներու իր մասնակցութիւնը բերած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: