image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոս. Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ դէպի «Հաժար ալ-Ասուատ»

Դամասկոս. Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ դէպի «Հաժար ալ-Ասուատ»

Դամասկոսի Արեւմտեան Ղութան ամբողջապէս ազատագրելու գործողութեան ծիրէն ներս, կիրակի օր սուրիական բանակը ռազմաօդային ուժերու աջակցութեամբ շարունակած է իր յարձակումները «Հաժար ալ-Ասուատ»ի մէջ դիրքաւորուած ահաբեկչական խումբերուն վրայ: Այս մասին յայտարարած է «ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը :

Գործակալութեան համաձայն «Սուրիական օդուժը առաւօտեան ժամերուն հարուածներ իրականացուցած է «Հաժար ալ-Ասուատ»ի մէջ գտնուող ահաբեկիչներու որջերուն,  հրամանատարական եւ կապի կեդրոններուն ուղղութեամբ, միաժամանակ օգտագործելով հրթիռներ եւ զէնքի ծանր հրետանի», ինչի արդիւնքով ոչնչացուած է ահաբեկիչներու պաշտպանողական ամրութիւններն ու մատակարարման գիծերը եւ անոնց շարքերուն մէջ մեծ թիւով կորուստներ եղած է: