Սուրիոյ Տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Ալ Զուուպի յայտարարած է, որ Դամասկոս Ռաքքան ազատագրուած կը համարէ այն ժամանակ, երբ Սուրիական բանակը մտնէ այդ քաղաքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Նշենք, որ օրեր առաջ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը յայտարարած էին Ռաքքայի ազատագրումը «Իսլապական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն: Իր հերթին Ռուսիա մտահոգութիւն յայտնած էր ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յայտարարութեան վերաբերեալ, թէ վերջիններս շտապ օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն Ռաքքային, բազմիցս մերժած ըլլալով հանդերձ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրել: