image

Դամասկոս ազատագրուած չի համարեր Ռաքքան.Սուրիոյ Տեղեկատուութեան նախարար

Դամասկոս ազատագրուած չի համարեր Ռաքքան.Սուրիոյ Տեղեկատուութեան նախարար

Սուրիոյ Տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Ալ Զուուպի յայտարարած է, որ Դամասկոս Ռաքքան ազատագրուած կը համարէ այն ժամանակ, երբ Սուրիական բանակը մտնէ այդ քաղաքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:


Նշենք, որ օրեր առաջ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը յայտարարած էին Ռաքքայի ազատագրումը «Իսլապական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն: Իր հերթին Ռուսիա մտահոգութիւն յայտնած էր ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յայտարարութեան վերաբերեալ, թէ վերջիններս շտապ օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն Ռաքքային,  բազմիցս մերժած ըլլալով հանդերձ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրել: