image

Դամասկոս-Անգարա մօտալուտ համաձայնութի՞ւն

Դամասկոս-Անգարա մօտալուտ համաձայնութի՞ւն

Բրիտանական «BBC» լրատուականին փոխանցմամբ, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման 250 զինեալներու եւ քրտական Բանուորական կուսակցութեան թեւը համարուող ժողովուրդի պաշտպանման միաւոներուն միջեւ Ռաքքան լքելու համաձայնութիւն կնքուած է:

Հակառակ անոր, որ լուրը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է միջազգային մամուլի էջերուն, սակայն կնքուած համաձայնութեան մասին տարածուած լուրերը նոր չեն: Տակաւին անցեալ մայիսէն այդ լուրերուն մասին շշուկներ տարածուած էին լրատուամիջոցներուն մօտ: Նորութիւնն այն էր, որ ահաբեկչական խմբաւորման մեծ թիւով անդամներ իրենց ընտանիքներուն հետ միասին լքած են քաղաքը: Քաղաքէն դուրս եկողներու թիւը հասած է 4 հազարի, որոնց մէջ յստակ չէ, թէ որքանն է զինեալներուն թիւը:

Նշենք, որ երբ մայիսին նման լուրեր տարածուած էին, Միջազգային դաշնութեան մօտ «Տահէշ»ի դէմ պայքարի ԱՄՆ դեսպանը չէր հերքած լուրը, իսկ օրերս յայտարարած է, որ իրենք կը յարգեն համաձայնութիւնը:

Այստեղ հարց կ'առաջանայ, թէ ինչո՞ւ ԱՄՆ չ'արարկեր «Տահէշ»ի զինեալներն ազատ արձակելուն, հակառակ անոր, որ անցեալին դէմ էր այդ գաղափարին:

Նախ նշենք, որ Ուաշինկթընի հաւաստմամբ, Ռաքքայի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ պայքարող ուժերը, որոնք մեծամասնութեամբ քիւրտերէ կազմուած են, չեն ցանկար ահաբեկիչները սպաննել, հետեւաբար համաձայն են արտաքսելու գաղափարին: Սակայն ճշմարտութիւնն այն է, որ ԱՄՆ չի ցանկար, որ քրտական ուժերը վնասներ կրեն, որովհետեւ նպատակ ունի զանոնք ուղղել դէպի արեւելք, որպէսզի նաւթահորերուն տիրեն, որոնց միջոցող ալ ԱՄՆ ինք պիտի տիրէ այդ նաւթահորերուն:

Երկրորդ, ԱՄՆ նպատակ ունի Իրաքի մէջ ինքնապաշտպանական ուժերուն դիմաց ճանապարհը փակել, խանգարելով վերջիններուս յառաջացումը Սուրիա-Իրաք հիւսիսային սահմանէն դէպի Միջերկրական ծով: