Թալիշի վերականգնման աշխատանքները հիմնական կարելի է ըսել` աւարտին մօտեցած են: Այդ մասին 7 սեպտեմբերին, մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը:
«Թալիշի վերականգնման աշխատանքները հիմնական կարելի է ըսել` աւարտին մօտեցած են, որովհետեւ բաւականին մեծ աշխատանք իրականացուած է: Ներկայ պահին արդէն իսկ բնակիչներու վերադարձման գործընթացը կարելի է ըսել` սկսած է եւ այս պահի դրութեամբ 4 ընտանիք վերադարձած են, բայց ընդհանուր առմամբ բոլոր թալիշցիներու վերադարձը կը նախատեսուի իրականացնել սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներու ընթացքին»,-ըսած է ան:
Պետական նախարարը աւելցուցած է, որ իրենք նախատեսած են նաեւ Թալիշի մէջ դպրոցի, մանկապարտէզի գործունէութեան վերականգնում, որոնք նաեւ լրացուցիչ աշխատատեղեր կ'ապահովեն գիւղի բնակչութեան համար: