image

Չինաստանէն ՀՀ քաղաքացիներու տարհանումը՝ քննարկման լուրջ թեմա

Չինաստանէն ՀՀ քաղաքացիներու տարհանումը՝  քննարկման լուրջ թեմա

29 Յունուարին ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնցը հանդիպում ունեցած է ՀՀ-ի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիեն Ըրլունի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Չինաստանի մէջ նոր տիպի «քորոնա» ժահրի տարածման հետ կապուած իրավիճակը, կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը:

Դեսպան Թիենն ընդգծած է չինական կողմի պատրաստակամութիւնը շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը հայկական կողմի հետ «քորոնա» ժահրի տարածմամբ պայմանաւորուած տարաբնոյթ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Հանդիպման զրուցակիցները հանգամանալից անդրադարձ կատարած են նաեւ Չինաստանի Հուպէի նահանգին մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներու առջեւ ծառացող խնդիրներուն եւ անոնց հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն:

ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալը յայտնած է, որ Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է Չինաստանի տարբեր նահանգներու մէջ ներկայիս բնակող եւ դեսպանատան մօտ գրանցուած շուրջ 400 ՀՀ քաղաքացիներու հետ, որոնցմէ 7-ը ներկայիս կը գտնուին Հուպէի նահանգին մէջ: ՀՀ դեսպանութեան կողմէ նաեւ քայլեր կը ձեռնարկուին հնարաւորութեան սահմաններուն ՀՀ քաղաքացիներու հարցերուն եւ խնդիրներուն արձագանգելու ուղղութեամբ: 

ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնցը նաեւ աւելցուցած է, որ ՀՀ ԱԳՆ-ն եւ Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը շարունակաբար կապ կը պահպանեն Չինաստանի կառավարութեան եւ այլ գործընկեր երկիրներու, անոնց դեսպանութիւններու հետ ՀՀ քաղաքացիներու տարհանման հարցի կապակցութեամբ: